2014-12-14 12:10:14

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքը` Յիսուս Մանուկներու արձանիկներու օրհնութիւնը եւ աղօթքի գրքոյկի բաշխում։


(Ռ.Վ.14 դեկտեմբեր 2014) Կիրակի, 14 դեկտեմբեր 2014-ի, կէսօրին` Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը։ Աղօթքէն առաջ Սրբազան Հայրը խորհրդածութիւն մը կատարեց ակնարկելով Տիրոջ սպասումի` Յիսնակաց շրջանին, որ ''պէտք է ապրուի որպէս ուրախութեան շրջան'' ըսաւ Ան յայտնելով թէ ''Մարդու սիրտը երջանկութիւնը կը փնտռէ։ Ամէն մէկ ընտանիք, ամէն մէկ ազգ կը ձգտի երջանկութեան։ Քրիստոնեային երջանկութիւնը կը բխի Աստուծոյ մօտիկութենէն ու մեր կեանքին ներս Անոր ներկայութենէն։ Պէտք չկայ այլուր փնտռել ուրախութիւնը Յիսուս եկաւ ու զայն բերաւ բոլորին, յաւիտենապէս''։
Սրբազան Հայրը ապա հաստատեց թէ ''ամէն մկրտեալ, կանչուած է ընկալելու Աստուծոյ ներկայութիւնը մեր մէջ եւ օգնելու ուրիշները վերագտնելու Զինք ու մատնանշեց Սուրբ Պօղոս առաքեալի թեսաղոնիկեցիներուն ուղղած թուղթին որուն մէջ կը յայտնէ ''ուրախութեան միսիոնարներ'' դառնալու պայմանները ` ''միշտ աղօթեցէք։ Ամէն բանի մէջ Աստուծոյ գոհութիւն տուէք։ Հոգին մի շիջուցանէք, պահեցէք ինչ որ բարի է։ Ամէն տեսակ չարիքէ զգուշացէք''։ Եթէ այս ըլլայ ձեր ապրելակերպը - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը - Բարի Աւետիսը պիտի կարենայ մուտք գործել ձեր տուները եւ օգնել ընտանիքները վերըմբռնելու թէ Յիսուսին մէջն է փրկութիւնը։ Անոր մէջ կարելի է գտնել ներքին խաղաղութիւնը եւ քաջութիւնը ամէն օր դիմագրաւելու կեանքը եւ դժուարութիւնները։ Ան անցեալի պատկանող անձնաւորութիւնը չէ, այսօր եւս կու գայ մեզ լուսաւորելու եւ փրկելու։ Թող Տիրամայրը` մեր ուրախութեան պատճառը, մեզ դարձնէ երջանիկ Տիրոջ մէջ որ կու գայ մեզ ազատելու ներքին եւ արտաքին ստրկութենէն մաղթեց Ֆրանչիսկոս Պապը խորհրդածութեան աւարտին ու ապա արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, որմէ ետք Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներուն ուղղեց ողջոյնի խօսք մը յատուկէն ողջունելով բոլոր այն մանուկները որոնք Սուրբ Պետրոս ժամանած են ''Յիսուս Մանուկի'' արձանիկներուն աւանդական օրհնութեան առթիւ։

''Սիրելի մանուկներ - ըսաւ Քահանայապետը - երբ աղօթէք ձեր մսուրներուն առջեւ զիս ալ յիշեցէք, այնպէս ինչպէս ես ձեզ կը յիշեմ իմ աղօթքներուս մէջ''։

Աղօթքը հոգիին շունչն է, ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը հաստատելով թէ` հարկաւոր է օրուան ընթացքին առիթներ գտնել սիրտը բանալու Աստուծոյ։ Ասոր համար այսօր մտածեցի ձեզի նուէր մը ընել` փոքրիկ գրպանի աղօթքի գրքոյկ մը որուն մէջ պարունակուած են օրուան զանազան պահերուն համար աղօթքներ։ Առէք զայն ու ձեր հետ տարէք միշտ, որպէս օգնութիւն օրուան պահերը ապրելու Աստուծոյ հետ միութեան մէջ։

Բոլորիդ կը մաղթեմ բարի կիրակի եւ մի մոռնաք աղօթել ինծի համար - եզրափակեց Ֆրանչիսկոս Պապը։








All the contents on this site are copyrighted ©.